Միշտ ալ համախոհներ, գաղափարակիցներ կը հանդիպին իրարու, նոյնիսկ այս տարածքին վրայ եւ կը կազմեն ԿՈՐԻԶ մը՝ միեւնոյն արժէքները կրող, միեւնոյն արժէքները դաւանող...Նմանատիպ կորիզներ կազմելով, կարելի է ընդարձակել, նոր ոյժ ու որակ տալ ազգի եւ հայոց երկրի զարգացման....Նոր սլացք տալ բարոյական-հոգեւոր-մշակութային այն արժէքներուն, որոնք պիտի կարենան վերադարձնել մեզ մեր էութեան....Նորովի սահմանել ազգի ու հայրենիքի գոյութեան իմաստը, կոչումը, առաքելութիւնը....Նոր ճանապարհներ որոնել հասնելու այդ գերնպատակին....Մենք անպայման գտնելու ենք մեր փրկութեան ուղին...առանց ուրիշէն մուրալու զայն, առանց ուրիշին վրայ բեռցնելու անոր պատասխանատուութիւնը....կամ տնօրինումը...ՄԵՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՄԵԶՄԷ Է ԿԱԽԵԱԼ ԳԵՐԱԶԱՆՑՕՐԷՆ: